2012-05-09 12:06:12

Կաթողիկէ <<Շալոմ>> Ընկերակցութիւնը Հռոմի Մէջ Կը Նշէ Հիմնարկութեան 30րդ Ամեակը


1982 -ին Պրազիլի մէջ հիմնուած Կաթողիկէ <<Շալոմ>> ընկերակցութեան անդամները, 9 - 16 մայիս, Հռոմի մէջ կը հաւաքուին նշելու համար ընկերակցութեան հիմնարկութեան 30րդ տարեդաձը եւ Քահանայապետական Վաւերացում ստանալու (2007-ին) 5րդ տարեդաձը։
12 եւ 13 մայիսին սոյն հաւաքի ընթացքին նախատեսուած է միջազգային համագումար մը ներկայացնելու համար ընկերակցութեան վերջնական <<կանոնագիրգը>>։
Համագումարի բացումը կը կատարուի 11 մայիսի երեկոյեան ժամը 19.30 Լատերանեան Սուրբ Յովհաննէսի Մայր տաճարին մէջ մատուցուած Սուրբ Պատարագի արարողութեամբ, զոր կը գլխաւորէ Աշխարհականներու Քահանայապետական Խորհուրդի Նախագահ Կարտինալ Սթանիզլաւ Րիլքօ։ Հաւաքի եզրափակումը նախատեսուած է չորեքշաբթի 16 մայիսին, Սրբազան Քահանայապետի հրապարակային ունկնդրութեան մասնակցութեամբ։








All the contents on this site are copyrighted ©.